ARS Montreal Sosse “Food for Mood” Event
Առողջ սնունդ, բարձր տրամադրութիւն
Ուրբաթ, 4 Փետրուար, 2022-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած առաջին առցանց դասախօսութիւնը, նիւթ ունենալով «Առողջ սնունդ, բարձր տրամադրութիւն»: Դասախօս հրաւիրուած էր սննդաբան եւ բնաբան Նէնսի Մաճուլեան: Հրաւէրը ընդհանուրին էր: Դասախօսութեան մասնակցած էին Գանատայի տարբեր քաղաքներէ եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն ունկնդիրներ:
Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թամար Եաղըճեան բարի գալուստ մաղթեց մասնակցողներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան եւ քաջալերանքին, ապա խօսքը յանձնեց դաստիարակչական յանձնախումբի պատասխանատու՝ ընկհ. Տանիէլ Ճէրահեանին, որ դասախօսին կենսագրականը ներկայացնելէ ետք հրաւիրեց զայն նիւթի ներկայացման:
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ուշադրութեամբ հետեւեցան դասախօսին, որ ցուցատախտակներով հաճելի ու յստակօրէն ներկայացուց մեր մարմնին կարեւոր սնուննդներն ու կենսանիւթերը, զանոնք ճիշդ գործածելու ձեւերը մեզ առողջ պահելու համար: Դասախօսութեան աւարտին առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու:
Յատուկ շնորհակալութիւն դասախօս՝ Նէնսի Մաճուլեանին եւ բոլոր մասնակցողներուն:
Food for Mood
“Food for Mood” was the first virtual lecture organized by the educational committee of ARS Montreal’s “Sosse” chapter on the evening of Friday February 4th, 2022. The guest speaker was Nancy Majoulian, nutritionist and naturopath. Participants to the event were from across Canada and North America.
ARS Montreal “Sosse” chapter’s executive board president, ungerouhi Tamar Yaghejian, started the evening by welcoming and thanking the participants for their interest in the event. Ungerouhi Danielle Jerahian, responsible of the education committee welcomed and presented the guest speaker Nancy Majoulian.
Miss Majoulian shared her knowledge, expertise and tips on the basics of maintaining a healthy physical and mental lifestyle. She described the important role that each of the following elements of nutrition, food consumption and proper hydration has on the mental and physical energy. The participants were engaged and intrigued. The evening ended with a Question-and-Answer exchange between Nancy and the participants.
A heartfelt thank you to Nancy Majoulian and all the participants that contributed to the success of this event.
back