ARS Montreal Sosse Social Committee Annual Trip to Cambridge Ontario

– Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի, Սեպտեմբեր ,11-12-13,2026-ին, եռորեայ պտոյտ (Ուխտագնացութիւն Դէպի Գամպրիճ),/Խաչվերացի եւ Մուսա Լերան Հերոսներուն յիշատակի տօնին առթիւ: Ընկերուհիները այցե-

Լեցին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը եւ ներկայ եղան Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան: Ապա այցելեցին Նիակարայի ջրվէժը (Niagara Falls),

Եւ վերջապէս այցելեցին Գամպրիճի Հայ Կեդրոնը եւ ներկայ եղան ի- րիկնայի երգահանդէսին: Ապա յաջորդ առաւոտ ներկայ եղան Գամպրիճի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ արարողութեան:

Նշելի է թէ՝ ընկերայի յանձնախումբի նուիրական եւ ժրաջան աշխատանքը անգնահատելի է, ամէն ատեն եւ ամէն տեղ:

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի Ընկերային Յանձնախումբին կազմակերպած եռօրեայ պտոյտը՝ 13 Սեպտեմբերին, հասաւ իր աւարտին։

Մասնակիցները անմոռանալի երեք օրեր անցընելէ ետք, շատ ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան Հայ Կեդրոն։

Վարձքը կատար Ընկերային Յանձնախումբի պատասխանատու Ընկհ. Երան Պանգեանին, որ կազմակերպելով այս եռօրեայ պտոյտը՝ ներկաներուն պարգեւեց անմոռանալի պահեր եւ գեղեցիկ յիշատակներ։

Վարձքը կատար նաեւ բոլոր մասնակցող ընկերուհիներուն, որոնք ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին իրենց հիւրասիրութեամբ ու խանդավառութեամբ հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին՝ ներկաներուն:

Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց հիւրասիրութեամբ եւ սիրալիր մասնակցութեամբ իրենց ներդրումը բերին այս

գեղեցիկ պտոյտի յաջողութեան

 

 

 

    back
Secret Link