ARS Montreal Sosse Volunteer Appreciation Day

ՀՕՄ -ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը 2021-2022 տարեշրջանի իր գործունէութիւնը փակեց «Գնահատանքի Երեկոյ»-ի ճաշկերոյթով, Հինգշաբթի 9 Յունիս, 2022-ի երեկոյեան :

Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ա.Ահարոնեան» սրահէն ներս հաւաքուած էին աւելի քան 150 ընկեր-ընկերուհիներ, կամաւորներ եւ նուիրատուներ:

Բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թամար Եաղճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ նշեց, թէ սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած է առ ի գնահատանք մասնաճիւղի անդամներուն, կամաւորներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք միշտ սատար կանգնած են ՀՕՄ-ի գործունէութեան եւ չեն խնայած իրենց ներդրումներն ու քսակը ի սպաս դնել մասնաճիւղի յաջողութեան եւ գոյատեւման: Ան բեմ հրաւիրեց վարչական ընկերուհիներն ու երեկոյեան կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները:

Հանդիսավար ընկհ.Նայիրի Եմէնէճեան փոքր բացատրողական մը տուաւ օրուան յայտագրին մասին: Ան ներկաները հրաւիրեց բաց սեղանին՝ ճաշակելու Պրն Ռաֆֆի Անտոնեանի պատրաստած համեղ աղցաններն ու ճաշերը: Ձեռնարկի խաղերը մեծ հաճոյք եւ հրճուանք պատճառեցին ներկաներուն:

Աւարտին, կարկանդակի հատումին համար բեմ հրաւիրուեցան ընկերային եւ տաք ճաշ յանձնախումբերու ըներուհիները:

Ձեռնարկը մեծապէս ոգեւորեց ներկաները:

Վարձքը կատար բոլոր նուիրեալներուն:

 

On Thursday June 9th 2022, ARS Montreal “Sosse” chapter held its volunteer appreciation night in the newly renovated Avedis Aharonian Hall at the Montreal Armenian Community Center. Our 150 attendees were treated to dinner, drinks and dessert.

It was a wonderful evening celebrating the dedication of countless members, volunteers and donors who work tirelessly year in and year out. The night was full of laughter along with some memorable games and a special appearance by Vana Whiteyian.

The evening was capped off by our recognition award ceremony which was the special spin on recognizing some of our members. We look forward to many greater celebrations where we can create new memories. Thank you to our amazing volunteers, members and donors who are the backbone of our community and of course of the success of our organization

    back