ARS Toronto Chapter Celebrates 61st Anniversary on ARS Day April 14,2024

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին բացառիկ 61-րդ ամեակը

 

«ՀՕՄ-ը լոյս մըն է ու անմար փարոս՝ Սէր է, նուիրում, գետ՝ կարկաչահոս»

 

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

 

Թորոնթոյի հայ համայնքին համար բերկրալի օրուան մը աւետիսը տուող գարնան արեւով արբեցող 2024-ի, Ապրիլ 14-ի կիրակի օրուան կէսօրէն ետքը աւելի հիասքանչ դարձաւ՝ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի 61 ամեայ «Ռուբինա» մասնաճիւղի ՀՕՄ-ի օրուան բացառիկ ձեռնարկին առթիւ, որ տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս։

 

Ձեռնարկը ներկայութիւնը կը վայելէր Հոգեւոր հովիւներու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, մեծարեալներու, ՀՕՄ-ի Ամենօրեայ Վարժարանի տնօրէնութեան ,ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչներուն, մեծաթիւ ՀՕՄ-ուհիներու, հիւրերու եւ հոծ բազմութեան։

 

Օրուան հանդիսավար՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի 61 ամեայ «Ռուբինա» մասնաճիւղին տարեդարձը ու ոսկեայ սիրտ ունեցող նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիներուն տօնական ոսկի օրը։

 

Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներէն ետք, ներկաները, մէկ վայրկեան յոտնկայս, յարգանքի տուրք մատուցեցին անցեալէն այսօր մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՕՄ-ուհի ընկերուհիներուն յիշատակին։

 

ՀՕՄ-ի օրուան յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկհ. Վարդուհի Պարտագճեան բացման խօսքին մէջ, ՀՕՄ-ի օրուան առիթով բոլորը շնորհաւորելով՝ անդրադարձաւ շարունակ պատնէշի վրայ գործող ՀՕՄ-ի փշոտ ու տաքնապալի ճանապարհին՝ անցեալէն մինչեւ օրս, որ քաջօրէն շրջանցած է ծանարակշիռ դժուարութիւններ, շնորհիւ՝ ՀՕՄուհիի յատուկ տոկունութեամբ օժտուած իր առաքեալներուն։ Աւարտին հրաւիրեց ՀՕՄուհիները վերանորոգելու իրենց ուխտը՝ միշտ հաւատարիմ մնալով «ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ» ՀՕՄ-ի սրբազան տեսլականին։

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի ատենապետ՝ ընկհ. Անի Հոթոյեան_Ժոլին, վարչութեան խօսքը փոխանցեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ մասնաճիւղին ընթացիկ տարեշրջանի գործունէութեան, անցած ամիսներու ընթացքին ժրաջան ՀՕՄ-ուհիներուն կատարած մեղուաջան աշխատանքին եւ իրագործած

օժանդակութիւններուն մանրամասնութիւններուն մասին, որոնք թագադրուած էին անխափան յաջողութեան դափնեպսակով։

 

Պահը հասած էր հայ մատղաշ սերունդին՝ երգի միջոցաւ, ունկնդիրներուն յոյզերու աշխարհի դռները բանալով, զանոնք դէպի Հայաստան ու Արցախ փոխադրելու։ Եւ ահա, ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի 6-րդ դասարանի աշակերտներէն խումբ մը, Տիկին Սօնա Յովսէփեանի ղեկավարութեամբ, հոյակապ ձեւով կատարեցին՝ «Կռունկներ» եւ «Ղարաբաղ իմ» երգերը։

 

Օրուայ պատգամաբերն էր՝ ԱՄՆ-էն ժամանած Դոկտ․ Խաչիկ Մուրատեան՝ ՆիւԵորքի Քոլոմպիա համալսարանի Մերձաւոր Արեւելքի, Հարաւային Ասիոյ եւ Ափրիկէի ուսումնասիրութիւններու դասախօս, Ամերիկեան Քոնկրէսի Գրադարանի Հայկական եւ Վրացական հաւաքածոներու ղեկավար եւ Նիու Եորքի համալսարանի առաջադէմ ուսումնասիրութիւններու Կլոպալ քոլէժին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման նախագիծի համագլխաւոր քննիչ, հեղինակ՝ «The Resistance network», «After the Ottomans», «The Armenian Genocide and humanitarianism in Ottoman Syria, 1915-1918» հատորներուն։ 2018-ին ՀՕՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու «Ակնունի» մրցանակակիր, խմբագիր՝ «The Armenian Review» ամսագրին եւ տնօրէն՝ՀՕՄ-ի «Նորեան» երիտասարդական կապի ծրագիրին։

 

Դոկտ․ Խաչիկ Մուրատեան՝ «ՀՕՄ-ը` որպէս կանացի կազմակերպութիւն, ձուլումի հոսանքին դէմ ինչպիսի միջոցներով կրնայ պայքարիլ» խորագիրը կրող տպաւորիչ եւ այժմէական դասախօսութիւնը սկսաւ երախտագիտութիւն յայտնելով ՀՕՄ-ին՝ԼՕԽ-էն ստացած կրթաթոշակին համար, որուն շնորհիւ ան Լիբանանի մէջ կրցած է ամբողջացնել իր ուսումը: Ապա ան անդրադարձաւ կազմակերպութիւններու գործունէութեան առընչուող շարք մը երեւոյթներու, նշելով, որ ինքնաքննադատութենէ խուսափիլը եւ յանցանքը այլոց կամ տարածաշրջանային ցնցումներու կամ չար բախտին վրայ բարդելը յաճախ դուռ կը բանայ նորանոր ձախողութիւներու: Արժէ իւրաքանչիւր հանգրուանի հարց տալ թէ ինչ բան կրնայինք տարբեր ձեւով ընել՝ աւելի լաւ արդիւնքի հասնելու համար:

Դոկտ. Մուրատեան ապա վերլուծեց սփիւռքեան իրականութեան մէջ մշակութային գործունէութեան եւ երիտասարդութեան ներգրաւման դէմ ծառացող խոչընդոտները եւ անոնց յաղթահարման կռուանները:

Դոկտ. Մուրատեան իր խօսքը աւարտեց շեշտելով, որ եթէ Եղեռնէն վերապրող սերունդը շատ աւելի համեստ հնարաւութիւններով կրցաւ իրավիճակ փոխել, նոյնը կրնայ ընել նաեւ ներկայ սերունդը:

 

Ներկաներուն մտածելու հրահրող եւ հայապահպանման նոր ու արդիական միջոցներ ու լծակներ որոնելու հրաւէր մը հանդիսացող դասախօսութիւնը չափազանց տպաւորեց անյագ ցանկութեամբ եւ ուշի_ուշով ունկնդրող հայրենասէր հայորդիներուն, որոնք ծափահարութեան տարափին ընդմէջէն իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին եւ դասախօսին գաղափարներուն համամտութիւն ցուցաբերեցին։

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի փոխ ատենապետ՝ ընկհ. Սիլվի Օհանեան, բանախօսին նուիրեց հեղինակ Արա Մածունեանի՝ «Թռչնոց բոյն» գիրքը եւ 2024, Տոհմիկ Օրուան առիթով Լիբանանի հայ գաղութին ձօնուած գիրքը։

 

Աւանդոյթ դարձած սովորութեան համաձայն, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիղը մրցանակաբաշխութեամբ մը կը խրախուսէ երիտասարդ հայ կամաւորը, որպէսզի անոր նուիրական առաքելութիւնը բարի օրինակ հանդիսանայ՝ մեր երիտասարդ հայ սերունդի ներկայացուցիչներուն։

Այս տարուան երիտասարդ կամաւորը հանդիսացաւ՝ Նարօտ Գըլըպօզեան։

 

Երաժշտութիւնը մարդ արարածին թեւեր կու տայ ճախրելու երանելի աշխարհի մը մէջ։ Այս առումով, գեղարուեստական բաժինով մը հանդէս եկաւ Ալին Թօփճեան Պչաքճեան եւ անաղարտ երգեցողութեամբ մեկնաբանեց՝ «Իմ Անի» եւ «Կապոյտ Մանուշակ» երգերը։

Հանդիսավարը՝ «Միայն աշխարհ կայ» գիրքը նուիրեց մեներգողին։

 

Արժանաւորին մեծարելը վեհութիւն է, որուն բարձր դիրքը երկար տարիներէ վեր, իր ծնունդի օրէն կը վայելէ ՀՕՄ-ը։ Ահաւասիկ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը 1986-էն ի վեր գեղեցիկ սովորութիւն դարձուցած է մեծարել գաղութիս արժանիները եւ հայապահպանման, հայակերտման, ազգասիրութեան ու զոհողութեան լոյսի ու յոյսի ճանապարհին վրայ քալող անձնուրաց առաքեալները։ Այս ծիրէն ներս, ՀՕՄ-ի օրուան 2024-ի երեք մեծարեալներէն առաջինը համդիսացաւ Նոր Հայ Հորիզոն հեռատեսիլի վարիչ տնօրէն՝ Տիկին Սիւզի Մելիտոնեան, որ երկար տարիներով մանկավարժական առաքինի տիպարով եւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի ըլլալով մէկտեղ, առանց որեւէ թերացումի կը կատարէ Նոր Հայ Հորիզոնի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը։

 

Երկրորդ մեծարեալը` Ընկհ. Իռէն Թիլիմեանն էր, որ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի շարքերուն միացած է 2005-ին եւ մինչ օրս կը վարէ զանազան պաշտօններ’ ” ՀՕՄ_ին ընդմէջէն ազգիս ծառայելու միշտ պատրաստ” նշանաբանը որդեգրած։

 

ՀՕՄ-ի օրուան երրորդ մեծարեալը՝ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի տնօրէն՝ տիար Րաֆֆի Սարգիսեանն էր, որ երկար տարիներէ ի վեր մանկավարժական եւ գրական ասպարէզի կողքին ազգին բարօրութեան համար լուսամիտ հայ սերունդ պատրաստելով դաստիարակ առաքեալի կերպարը հանդիսացած է։

 

Երեք ընտրեալ մեծարեալները, մասնաճիւղիս ատենապետ ընկերուհի Անի Հոթոյեան Ժոլիի ձեռամբ գնահատագիր (Plaque) ստացան եւ իրենց շնորհակալական խօսքը ուղղեցին զիրենք մեծարող ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, որ ազգապահպանման անմրցակից դիրքի խոնարհութեամբ յաւերժ պատնեշի վրայ մնացած է ու յաւիտեան կը մնայ։

 

Արդարեւ, հասած էր ՀՕՄ-ի անդամակցութեան գնահատագիր եւ զարդասեղ ստանալու բերկրալի պահը, ուր անմնացորդ նուիրումի օրինակը հանդիսացող եւ տարիներ շարունակ ազգին բարօրութեան համար պայծառ երդիկի արեւի շողերը մարմնաւորող ու յիշուելու արժանի եղող ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ընկերուհիներու անդամակցութեան եւ աշխատանքին գնահատման բերկրալի պահն էր։

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ մասնաճիղիս ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Միսիրեանի ձեռամբ կատարուեցաւ 60, 50 եւ 35 տարուան անդամակցութեան գնահատագրերու, ինչպէս նաեւ զարդասեղներու յանձնումը։

Ապա՝ մասնաճիւղիս ատենապետ Ընկհ. Անի Հոթոյեանի ձեռամբ կատարուեցաւ 25 եւ15 տարուան անդամակցութեան զարդասեղներու տուչութիւնը։

 

ՀՕՄ-ին ամենէն յիշարժան պահը հասած էր, ուր ՀՕՄ-ի աւիւնը կանաչ պահող ու թարմութիւն խոստացող նորագրեալ անդամներու երդման արարողութեան համար պատրաստ էին երդուելու իրենց նուիրումի առաջին քայլը առնող նորագրեալները։

Նորագիրներու Երդման Արարողութեան կնքամայրն էր՝ ընկհ. Քրիսթին Աւետիսեան։

 

Կազմակերպութիւն մը սերունդէ սերունդ փոխանցելու եղանակը կենդանի կը պահէ տուեալ կազմակերպութիւնը։ ՀՕՄ-ն ալ իր կարգին կանգուն կը մնայ իր անմար ջահը փոխանցելով նախանձախնդիր հայուհիներուն, որոնք կը խոստանան այդ ջահին կրակը յաւերժ վառ պահել, ի սէր հայ ազգի փայլուն ու ծաղկուն ապագային։

 

Այս գաղափարը փայփայելով, ՀՕՄ-ի օրուան խորհուրդը իր մէջ բովանդակող մոմավառութիւնը եւ կարկանդակի հատումը, կատարեց երէց ընկերուհի Այտա Գանձապետեանը, մասնաճիւղիս ջահը փոխանցելով կրտսեր ընկհ. Սոֆիա

Ալեքսանեանին, ու ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի լոյսի ճաճանչը իր 61 ամեակի շողերով լուսաւորեց բոլոր ներկաներուն հոգիները։

 

Տէր Տաթեւ Աւագ քահանայ Միքայէլեան հոգեւոր հովիւի օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն։ Քահանան, Աստուածածինի կերպարի անձնազոհութեան եւ արաքինի մօր յատկութիւններուն նմանցուց ոսկի սիրտ ունեցող ՀՕՄուհիներուն անձին մէջ գոյացած նուիրումի բնորոշ գիծերը։ Քահանային Պահպանիչով օրհնուած ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին։

 

Բացառիկ ձեռնարկի աւարտին ուխտաւոր ՀՕՄ-ուհիները մոմավառութեան մասնակցեցան, ապա՝ ներկաները մօտեցան ճոխ ու ճաշակաւոր ձեւով զարդարուած հիւրասիրութեան սեղանին եւ ճաշակեցին ժրաջան ՀՕՄ-ուհիներուն պատրաստած համադամ հիւրասիրութիւնն ու ՀՕՄ-ի օրուան կարկանդակը։

 

Այդ օր ՀՕՄ-ի նուիրական «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանը կրող պանծալի հատորին մէջ պսպղուն նոր էջի մը ոսկետառ կնիքով՝ « ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին 61-րդ ամեակը շնորհաւոր» գրուեցաւ։

 

    back