ARS Toronto “Roubina” Chapter Annual Bazaar 2024
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 56-րդ տօնավաճառին պանծալի յաջողութիւնը
Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը միշտ հաւատարիմ ՀՕՄ-ի նշանաբանին՝ անխոնջ աշխատանքով նեցուկ կը կանգնի հայ ազգին, հայրենիքին ու հայ դպրոցին։ Այս առաքելութեամբ ծնունդ առած եւ առ այսօր հսկայ գործունէութիւն ծաւալող մասնաճիւղը սատար կը հանդիսանայ կարիքաւոր հայորդիներուն, հայ դպրոցին, հայ աշակերտին եւ ուսանողին։ Ահաւասի՛կ, այս բոլորին օժանդակելու նպատակով՝ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Կաղանդի՝ տարեկան երկօրեայ տօնավաճառի 56-ին դռները կը բանայ թորոնթոհայութեան առջեւ։
Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահէն ներս, 2 եւ 3 նոյեմբեր 2024-ին, տեղի ունեցած տօնավաճառ-պազարը, որ կարեւորգոյն եւ հասութաբեր ձեռնարկներէն մէկը կը նկատուի, արդիւնքն էր ամիսներ շարունակ տքնաջան աշխատող կամաւոր ՀՕՄ-ականներու վաստակին, որ ի յայտ կու գար ձեռարուեստի, համադամ ու բազմազան ճաշատեսակներու եւ ուտելիքներու սեղաններու, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի հայ գործատէրերու, գործարարներու, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու գործերու ցուցադրութեամբ ու վաճառքով։ Յոյժ գովելի էր ջանքերը ՀՕՄ-ի ձեռնարկներուն քաջալեր հանդիսացող թորոնթոհայութեան, որ հայ վարժարանի կենսունակութեան համար իրականացուց վիճակահանութեան տոմսակներու սպառումը, որ կրկնապատկեց բերկրանքը ամիսներով անձնուրաց աշխատող ՀՕՄ-ականներուն:
ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի տարեկան տօնավաճառին բացումը կատարուեցաւ ժամը 11-ին՝ ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան եւ ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեանի, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներուն, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Տօնավաճառի յանձնախումբի անդամներուն, մասնաճիւղին նուիրեալ ընկերուհիներուն, կամաւորներուն եւ թորոնթոհայութեան:
«Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի, վարչութեան անունով՝ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք ներկայ են տօնավաճառի բացման հանդիսութեան , ինչպէս նաեւ տօնավաճառի յանձնախումբի անդամներուն եւ կամաւոր ընկերուհիներուն, որոնք՝ ամիսներ շարունակ մեղուաջան աշխատանքով՝ պատրաստած էին այլազան համադամ ճաշեր եւ անուշեղէններ։
Ատենապետը շնորհակալութեան խօսք յայտնեց տօնավաճառի յաջողութեան մեծապէս սատարած նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ տասնեակ հաստատութիւններուն, որոնք սեղաններ վարձելով ճոխացուցած էին տօնավաճառը իրենց ապրանքներով եւ ձեռային աշխատանքներով: Ապա, ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վիճակահանութեան տոմսերու հովանաւոր բժիշկներուն, որոնց անունները նշուած էին տոմսերուն ետեւը։
Ընկերուհի Հոթոյեան-Ժոլի մասնաւորապէս ըսաւ․ «ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի գործունէութիւնները լայնածաւալ են եւ կ’ընդգրկեն զանազան պարտականութիւններ,
որոնցմէ գլխաւորը եւ կարեւորագոյնը նեցուկ կանգնիլն է մեր Ամէնօրեայ վարժարանին, ուր հայեցի դաստիարակութեամբ հասակ կ’առնեն մեր մանուկներն ու պատանիները՝ դառնալու ապագայի մեր ազգասէր սերունդը: Ուրեմն այս տարի եւս, ինչպէս անցեալ տարի, մասնաճիւղիս յատկացումը պիտի ըլլայ մեր վարժարանին, սակայն ուրախ եմ յայտարարելու, թէ փոխան վաթսուն հազար տոլարի, այս տարուան օժանդակութիւնը ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին պիտի ըլլայ վաթսունհինգ հազար տոլար»:
Տ. Տաթեւ աւ․ քհն. Միքայէլեան օրհնեց ներկաներն ու բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ականներուն անսակարկ նուիրումով տարած աշխատանքը՝ ծառայութեան վեհ գաղափարի իրագործման ի խնդիր, ապա՝ օրհնաբեր աղօթքով տօնավաճառը բացուած համարուեցաւ։
«Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Սեւան Հաճիարթինեան կոմիտէութեան անունով՝ իր անվերապահ աջակցութիւնն ու քաջալերանքը յայտնեց ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն, զորս անուանեց՝ հոգածուները եւ պաշտպանները անցեալի ու ներկայի հայ արժէքներուն: «Շնորհակալ ենք ձեզի, որ այս պազարէն եկած հասոյթով թիկունք կը կանգնիք մեր վարժարանին, մեր գաղութին եւ մեր հայրենիքին եւ ուրկէ որ կու գայ օգնութեան կանչը: Դուք կը ներկայացնէք նուիրուածութեան եւ հոգատարութեան տիպարը: Վարձքերնիդ կատար: Հպարտ ենք ձեզմով», ըսաւ ան:
Տօնավաճառի յանձնախումբին ատենապետ Իռէն Թիլիմեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառի յանձնախումբի անդամներուն եւ կամաւոր ընկերուհիներուն, որոնց պատրաստած բազմազան համեղ ճաշերն ու անուշեղէնները երկու օրերու տեւողութեամբ պիտի վաճառուէին ներկաներուն։ Ընկերուհին շնորհակալութիւն յայտնեց վիճակահանութեան տոմսերու հովանաւոր բժիշկներուն, նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ այն հաստատութիւններուն, որոնք ճոխացուցած էին տօնավաճառը հայկական մշակոյթը ներկայացնող իւրայատուկ եւ բացառիկ ապրանքներով ու ձեռային աշխատանքներով։
Այնուհետեւ ընկերուհի Իռէն ներկայացուց այս տարուան տօնավաճառի կնքամայրը՝ Ալվարդ Քէշիշեանը, եւ հրաւիրեց զայն տօնավաճառին բացումը կատարելու։ 2017-ին ՀՕՄ-ի անդամակցութեան քսանհինգ տարուան զարդասեղին արժանացած, ՀՕՄ-ի անդամակցութեան օրէն ի վեր անձնուէր ծառայող եւ իր մասնակցութիւնը տարբեր յանձնախմբերու աշխատանքներուն բերած, աշխոյժ ու անխոնջ աշխատող, օրուան կնքամայր Ալվարդ Քէշիշեանի ձեռամբ կատարուեցաւ ժապաւէնի հատումն ու տօնավաճառին պաշտօնական բացումը։
Երկու օրերու տեւողութեամբ, Հայ կեդրոնը կրկնակի ճոխացած էր տօնավաճառին առիթով թորոնթոհայութեան եռուզեռով։ Թորոնթոյի հայ գաղութը ոչ միայն ճաշակեց հայկական ուտեստները, աւանդական ճաշերը, քաղցր անուշեղէնները, նաեւ վայելեց հայկական արտադրութիւնները, հայկական ոսկերչութեան գեղեցիկ նմոյշները, ձեռային արուեստները, հայկական մեղրն ու գինին, ինչպէս նաեւ Նոր տարուան յատուկ իւրօրինակ զարդարանքները, առաւել՝ կիրակի օրը, տօնավաճառի վերջին ժամերուն, վիճակահանութեան արդիւնքով, քառասունհինգ անձեր բախտաւորուեցան ու շահեցան արժէքաւոր նուէրներ։ ֎
***
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի դեկտ. 2024 թիւին մէջ: