ARS Toronto Roubina Chapter – “Dohmig Or” 2019

Սփիւռք … Հայեացքով Միշտ Դէպի Երկիր
«Տոհմիկ Օր» Նուիրուած Իրանի Հայ Գաղութին
Թորոնթոյի ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի աւանդութիւն դարձած «Տոհմիկ Օր»-ը այս տարի նուիրուած էր Իրանի հայ համայնքին: Անցեալ 25 տարիներու ընթացքին «Տոհմիկ Օր»երու ոսկեայ շղթաները անդրադաձած էին պատմական Հայաստանի շրջաններուն իսկ վերջին երկու տարիները նուիրուած՝ Հայկական ազատագրական շարժումներուն եւ Հայոց Թագաւորական շրջաններուն: «Տոհմիկ Օր»ուայ նոր շարանը նուիրուած է սփիւռքի հայկական գաղթօճախներուն եւ համայնքներուն:Նկատի ունենալով,որ Իրանահայութիւնը հայկական ամենահնագոյն գաղթօճախն է՝ առաջինը հանդիսացաւ ներկայացուելու համար:
Ուրբաթ, Նոյեմբերի 22-ին «Համազգային» թատերասրահէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ: Օրուայ հանդիսավարն էր Հուրիկ Եղիազարեանը: Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Թեհրանէն հրաուիրուած՝ Իրանի Մշակութային ժառանգութեան նախարարութեան հայազգի մասնագէտ, Իրանի հայկական եկեղեցիներու կեդրոնի տնօրէն Ճարտարապետ՝ Շէրլի Աւետեանին, որը հետաքրքրական եւ շահեկան տեղեկութիւններ փոխանցեց Իրանի տարածքին գտնուող աւելի քան 400 հայկական բնակավայրերու, Հայկական Ճարտարապետական կոթողներու, վանքերու եւ եկեղեցիներու պահպանման ուղղութեամբ տարուող հսկայական աշխատանքի մասին: Երկրորդ բաժնով ցուցադրուեցաւ Թեհրանի Ատրպատականի Նոր Ջուղայի եւ Սբ. Թադէի Վանքի ուխտագնացութեան վաւերագրական շարժապատկեր: Դասախօսական երեկոյի երրորդ բաժնով Տիար Էդիկ Հայրապետեանը՝ տեղեկութիւններ փոխանցեց Իրանի Սալմաստ գաւառի մասին:
Շաբաթ, Նոյեմբերի 23-ին Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Տոհմիկ Օրուայ ոգեկոչման հանդիսութիւնը՝ գեղարուեստական ճոխ յայտագրով ու ճաշկերոյթ-խրախճանքով:Բարձրորակ եւ բծախնդրութեամբ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր հրամցուեցաւ աւելի քան 500 ներկաներու:
Սրահի զարդարանքը ուշագրաւ էր:Հոն տեղադրուած մեծադիր պաստառները,կը ներկայացնէին Իրանի խորհրդանշական վայրեր, վանքերու զարդաքանդակներ, նաեւ նշանաւոր գիտնականներու , գրողներու եւ բանաստեղծներու պատկերներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռոզա Սաֆարեան-Տէր Յարութիւնեանը, որը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան՝ այս տարուայ «Տոհմիկ Օր»ը Իրանի հայ գաղութին նուիրելուն համար: Ան նշեց թէ՝Իրանահայութիւնը Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի հնագոյն համայնքներէն է:
Ան ըսաւ՝Իրանահայութիւնն իր բազմաբեղուն անցեալով ու մշակոյթով անջնջելի հետք թողած է Իրանի տնտեսական, հասարակական եւ մշակութային կեանքի վերելքի ու զարգացման գործընթացքին,իր մշակութային հարուստ ժառանգութեամբ, վանքերով, եկեղեցիներով , հայկական դպրոցներով ու աւելի քան 120 համալսարանի դասախօսներով, մտաւորականներով, ազգային կառոյցներով, մամուլով եւ միութիւններով: Թեհրանի թեմը ունի աւելի քան 100, Սպահանի թեմը 400, իսկ Ատրպատականի թեմը՝ 800 տարուայ պատմութիւն:
Սփիւռքեան իրականութեամբ իրանահայութիւնը կը հանդիսանայ ամենակազմակերպուած համայնքներէն մէկը:
Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Սրբազան Չարեանի պատգամն ու շնորհաւորական ուղերձը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Արտա Շահինեանը, որ բարձր գնահատելով յանձնախումբի անդամներու երկար ամիսներու տքնաջան աշխատանքը, մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի հովանաւորներուն ու նուիրատուներուն, որոնց սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն շնորհիւ արդիւնաւորուեցաւ այս միջոցառումը:
Խրախճանքի աւարտին ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի անունով պարգեւատրուեցան բանախօսներ՝ ճարտարպետ Շէրլի Աւետեանն ու էդիկ Հայրապետեանը, ինչպէս նաեւ Տոհմիկ Օրուայ համար պատրաստուած գրքոյկի պատմական բաժինը համադրող՝ Դոկտ. Էդիկ Բաղդասարեանը: Ռուբէն Մնացականեանը շնորհակալական խօսք ուղեց վաստակաշատ ՀՕՄուհի Հուրի Նաճարեանին, որուն ժրաջան նուիրուածութիւնը ու կազմակերպչական աշխատանքը երաշխիքը դարձան Տոհմիկ Օրուայ յաջողութեան:
Տոհմիկ Օրուայ առիթով պատրաստուած էր 230 էջերէ բաղկացած յատուկ գրքոյկ մը, որը կը պարունակէր Իրանի հայ համայնքի համառոտ պատմութիւնը:

Ներկաները մեկնեցան բարձր եւ ուրախ տրամադրութեամբ եւ մեծ գոհունակութեամբ:

Աննախընթաց յաջողութեամբ «Տոհմիկ Օր»ուայ ոսկեայ շղթային յաւելցաւ ոսկեայ օղակ մը:

 

    back