ARS Toronto “Roubina Chapter Requiem Mass 2025
February 24, 2025
Աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան խնդրանքով՝ Կիրակի, 23 Փետրուար, 2025-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի ննջեցեալ բարերարներուն եւ անդամներու հոգւոյն՝ ի յիշատակ, որմէ ետք վարչութեան անդամներ եւ ՀՕՄ-ի ընկերուհիներ, ծաղկեպսակ զետեղեցին եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ գտնուող յուշարձանին առջեւ։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Խունկ եւ աղօթք իրենց անմար յիշատակին։