ARS Toronto “Roubina Chapter’s Celebrates 30th Heritage Day 2024

«Միջագետք՝ բնօրրան քաղաքակրթութեան» յոբելինական «Տոհմիկ օր»-ը նշուեցաւ տոհմական մեծ տօնախմբութեամբ

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Թորոնթոյի մէջ, 30 տարիներէ ի վեր, աւանդոյթ դարձած է նոյեմբեր ամսուան մէջ վայելել Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի նախաձեռնած «Տոհմիկ օր»-ը։ Երկու օրերու տեւողութեամբ՝ խրախճանքի, գեղարուեստական յայտագիրի, գիրքի հրատարակութեան ու դասախօսութիւններու շնորհիւ, թորոնթոհայութիւնը կ’ըմբոշխնէ հայկական որոշ շրջանի մը կամ գաղութի մը իւրայատուկ դիմագիծը, ազգային եւ մշակութային բազմերես ծալքերն ու հարուստ պատմականը։

Այս տարուան ձեռնարկը, որ նաեւ յոբելինական էր եւ շարքին 30-րդը, նուիրուած էր պատմութեան հիմնաքարերէն մէկը եւ հնագոյնը հանդիսացող Միջագետքին եւ մասնաւորաբար իրաքահայ գաղութին։ Զոյգ օրերու վրայ երկարող ձեռնարկները տեղի ունեցան 9-10 նոյեմբերին, Հայ կեդրոնի սրահէն ներս, «Միջագետք՝ բնօրրան քաղաքակրթութեան Mesopotamia, cradle of Civilization» խորագիրով։ 30-րդ լուսաշող հանգրուանի տօնախմբութիւնը պանծալի յաջողութեամբ թագադրուեցաւ։

Կարելի է՞ առանց ճանապարհորդելու նոր երկիրներ ու վայրեր յայտնաբերել, անոնց շունչը, համն ու հոտը զգայարանքներով վայելել եւ կամ կամարաձեւ գունազարդ դարպասի մը մէկ կողմէն միւս կողմը անցնելով վեց հազար տարուան պատմութիւն ունեցող երկրի մը մէջ ինքզինքդ գտնել․․․ ահաւասիկ՝ «Տոհմիկ օր»-ը այդ անկարելին կարելի դարձուցած ու հազար ու մէկ գիշերներու հայաբոյր տարբերակի հոգին վարպետութեամբ փոխանցած էր այդ երեկոյ։ Հայ կեդրոնի սրահ ժամանող հիւրերը` գունաւոր զարդանախշերով եւ մանրանկարներով պատրաստուած Իշթարի դարպասէն անցանելով յայտնաբերեցին Իրաքը, ուր տարբեր քաղաքակրթութիւններ եւ ժողովուրդներ, տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին ապրած եւ իրենց դրոշմը ձգած են։

Նշան Փափազեանի ջութակէն արտաբերուած զգացաշարժ մեղեդիներով ճանապարհորդութիւնը սկսած կը համարուէր սրահի մուտքէն, ուր տեղադրուած էր Իրաքի քարտէսը` իր Տիգրիս եւ Եփրատ գետերով եւ Իրաքի հողին վրայ յառաջացած քաղաքակրթութիւններուն ժամանակացոյցով՝ սկսեալ Շումերներէն, Աքքատիներէն, Բաբելոնացիներէն եւ տակաւին բազմաթիւ մշակոյթներէն: Մուտքը նաեւ զարդարուած էր Իրաքի հայկական տեսարժան վայրերու պատկերներով։ Ձախին՝ հայերէն, անգլերէն, արաբերէն ու սեպագիր արձանագրութեամբ՝ «Բարի գալուստ» մաղթող ցուցանակը հիւրերը կը հրաւիրէր անկիւնի հատուածին մէջ տեղադրուած գորգապատ ցուցասրահը, ուր ցուցադրուած էին իրաքահայ մշակոյթին վերաբերող իւրայատուկ իրեր, իրաքեան արտադրութիւններ, թանկարժէք զարդեր եւ իրաքահայ արուեստագէտներու գործերէն անգին նմոյշներ։ Հայ կեդրոնի սրահի մուտքին Բաբելոնի խորհրդանիշ՝ հսկայ երկու թեւաւոր ցուլերը իրենց վեհութեամբ կանգնած կը դիմաւորէին հիւրերը, որոնց նուիրուեցաւ «Տոհմիկ օր»-ուան առիթով, մնայուն արժէք նկատուող եւ տեղեկատւութեան աղբիւր հանդիսացող գիրքը, որ այս

տարի նուիրուած էր արցախահայութեան աննկուն կամքին, անյաղթ հաւատքին եւ ազատատենչ ոգիին։

Սրահի ներքնասրահին մէջ գեղեցիկ համադրութեամբ զարդարուած սեղաններէն բացի, պատրաստուած էր մասնագիտական ոճով զարդարանքի յատակագիծ մը , ուր բեմը Իշթարի Դարպասի պատերուն կապոյտով, զարդանախշերով, հզօրութեան խորհրդանիշ առիւծներու պատկերներով ողողուած էր, բեմին երկու կողմերը, ինչպէս նաեւ մուտքին՝ արմաւենիներու զարդանախշերով լի մեծ պաստառներ, սրահի պատերուն երկարութեամբ զետեղուած էին Իրաքի տեսարժան վայրերու եւ հոն կեդրոնացած հայկական մշակոյթը ներկայացնող պատկերներ, որոնք կը ցուցադրէին հայկական օճախին ճոխութիւնը։

Հայ կեդրոնի սրահին իւրաքանչիւր անկիւնէն բուրող հնագոյն երկիր Իրաքի քաղցրութիւնը արտացոլող «Տոհմիկ օր»-ուան խրախճանքը ներկայութիւնը կը վայելէր հոգեւոր հայրերու, նահանգային խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի, ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Փալանճեանի, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանի, «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան Ժոլիի, յատկապէս սոյն տօնախմբութեան ներկայ գտնուելու համար Մոնթրէալէն, Վանգուվըրէն եւ Գալիֆորնիայէն ժամանած հիւրերու, ՀՕՄ-կաններու, «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբի եւ ենթայանձնախումբերու անդամներու, յարգելի հիւրերու եւ հայրենակիցներու ։

«Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան եւ «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբի անունով՝ բարի գալուստ մաղթեց օրուան հանդիսավար Շողիկ Զարացեան եւ ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս ունկնդրելու Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։

Բացման խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Սոնիա Գրաճեան։ Ան բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի սուրբ առաքելութիւնը, ապա՝ Իրաքի հայ գաղութը, որ իբրեւ համայնք իր նպաստը բերած է թէ՛ հայութեան եւ թէ՛ Իրաքի պետութեան։ Ընկերուհին շնորհակալութիւն յայտնեց «Տոհմիկ oր»-ուան աշխատանքներուն եւ նուիրատուութիւններուն իրենց աջակցութիւնը եւ ներդրումը բերող բոլոր ազգայիններուն եւ ըսաւ․ «ՀՕՄ-ի «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբերը տարիներու ընդմէջէն, զոհաբերութեան անսպառ ոգիով կը շարունակեն իրենց երթը՝ վասն ազգապահպանման՝ յաջորդ սերունդները հաղորդ պահելով մեր արմատներուն, պատկանելիութեան, բարքերուն եւ սովորութիւններուն»։

Տեսերիզով տրուած պատգամները շատ ազդեցիկ եւ այժմէական հնչեցին, հրամցուած՝ Գանատայի թեմի առաջնորդ տ. Բաբգէն արք. Չարեանի, ինչպէս նաեւ՝ Իրաքի թեմի առաջնորդ տ. Օշական արք.Կիւլկիլեանի կողմէ։ Անոնք մեծապէս գնահատեցին «Տոհմիկ օր»-երու ազգային բնոյթը եւ հայկական ինքնութեան արմատները կենդանի պահելու վառ ջանքերը։

Սեղանի օրհնութիւնը կատարեց տ. Տաթեւ աւ․ քհն. Միքայէլեան։ Բոլոր ներկաները ճաշակեցին հայկական շունչով պատրաստուած կեռասի խմիչքը, արմաւենիի տերեւներով զարդարուած ու ճոխութեամբ յորդող սեղաններու բազմապիսի համադամ ճաշերն ու քաղցրեղէնները։

Տոհմիկ օրերու 30-ամեակի ոգեկոչումը ներկայացուց՝ «Տոհմիկ օր»-ուան ատենապետ, նոյնինքն՝ հիմնադիրն ու մտայղացման գաղափարի տէրը հանդիսացող Հուրի Նաճարեան։ Օննիկ Նազարեանցի համադրումով պատրաստուած տեսերիզի ցուցադրութեան ընթացքին՝ ընկերուհի Հուրին նշեց, թէ մեր ազգային ինքնութիւնը խորհրդանշող հպարտութեան յոբելինական տօնակատարութիւնն է «Տոհմիկ օր»-ուան 30-րդ ծննդեան տօնը, որ կ’արտացոլայ տոհմական մեծ համախմբումով ու տօնակատարութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ 30-րդ գիրքի հրատարակութեամբ։ Ան յիշեց, թէ ինչպէս 1994-ին ծնունդ առած եւ հայապահպանման կենդանի օրինակներէն մէկը հանդիսացող՝ Տիգրանակերտին նուիրուած առաջին «Տոհմիկ օր»-էն սկսեալ` պատմական ճանապարհորդութիւն մը սկսած եւ քայլ առ քայլ հասած է երեսունամեայ «Տոհմիկ օր»-ուան, որ նուիրուած է Միջագետքին, եւ յատկապէս Իրաքի հայ գաղութին։

Հիասքանչ անակնկալի՝ 30 տարուան ձեռնարկներուն արգասիքը ներկայացնող եւ վաւերագրական մնայուն ժառանգութիւն ու դրոշմ հանդիսացող գիրքերուն յատկացուած շքերթին աւետիսը տուաւ ընկերուհի Նաճարեան․ աւագ ներկայացուցիչներու ձեռքին գիրքեր, իսկ կրտսեր ներկայացուցիչներուն ափին մոմեր, իրարայաջորդ քայլերով դէպի բեմ եկան երեսուն ներկայացուցիչներ, որոնցմէ ետք ոսկեգոյն տառեր կրող ու հիանալի տեսք ունեցող կարկանդակը եկաւ` խորհրդանշելու երկար տարիներու անխոնջ աշխատանքի քաղցրութիւնը։

Ի՜նչ երանելի պատկեր մըն էր բեմին շուրջ համախմբուած հայորդիներու ու գանձարան մը նկատուող գիրքերուն ու մոմերուն համադրումը, որ ամբողջացաւ «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան Ժոլիի ներկայացուցած 31-րդ մոմի մոմավառութեամբ, որ կ’աւետէր յաջորդ տարուան՝ եգիպտահայ գաղութին ձօնուելիք «Տոհմիկ օր»-ուան բերկրալի լուրը։

Երախտագիտական յուզիչ պահ մը ապրեցան ներկաները, երբ ընկերուհի Հուրի Նաճարեանի ձեռամբ կատարուեցաւ պարգեւատրութիւնը տէր եւ տիկ․ Արմէն եւ Պերճուհի Նալպանտեաններուն՝ առ ի գնահատանք իրենց կատարած իշխանական նուիրատուութեան եւ երկարամեայ բարերութեան՝ ի նպաստ Հայաստանին, Արցախին, Իրաքին եւ թորոնթոհայ գաղութին։

Ոգեւորութիւնը ակնյայտ էր «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբի եւ ենթայանձնախումբերու անդամներուն, որոնք իրենց ամիսներու տքնաջան աշխատանքով կը ջանային ամէն գնով արժանաւոր ձեւով ներկայացնել երկրի մը հայ գաղութի պատմութիւնը՝ այս տարուան պարագային՝ Իրաքի հայ գաղութի բազմակողմանի ու բազմածաւալ կեանքը եւ հարուստ մշակոյթը «Տոհմիկ օր»-ուան նախաձեռնութեան միջոցաւ, որուն հասոյթէն կոկիկ գումար մը պիտի ուղարկուի ՀՕՄ-ի համահայկական «Յոյսի օճախներ» ծրագրին եւ Իրաքի հայ կարօտեալ ընտանիքներուն օժանդակութեան ծրագրին։

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսած էր․ թիւով վեց հարիւր ներկաները տեսերիզի միջոցով ըմբոշխնեցին Կոմիտասի «Քելեր Ցոլեր» երգը, կատարողութեամբ` գաղութիս հռչակաւոր

օփերայի երգիչ՝ պարիթոն Վարդան Գաբրիէլեանի։ Բոլոր ներկաները իրնց շունչերը բռնած կը հետեւէին հզօր ձայն ու կատարում ունեցող օփերային երգիչին։

Մատիանա Թորոսեանի, ինչպէս նաեւ Թոնի Ճորճի քանոնով եւ դափով ներկայացուցած մեղեդիներու շարքը ոգեւորեց ներկաները, որոնք արդէն պատրաստ էին շուրջպարերով ու հայկական պարերով շարունակելու իրենց երջանիկ պահերը:

Դուդուկահար Գառնիկ Սօսէյեան եւ ստեղնաշարի կատարող Աբէլ Մելքոնեան երաժշտական հոյակապ եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցին, իսկ երգիչներ Նովա Պահճաթը եւ Շիրակ Թաթոսեանը, որոնք զուգերգով հանդէս եկան մի քանի երգերու համադրումով, ընկերակցութեամբ՝ Աբէլ Մելքոնեանի, խանդավառեցին տօնակատարութեան մասնակիցները։

Յանձնախումբի անդամները մօտեցան սեղաններուն եւ վիճակահանութեան տոմսեր վաճառելով գեղեցիկ ու թանկագին նուէրներով բախտաւորեցին ներկաներէն շատերը, ոմանք ալ աճուրդի սեղան մօտենալով՝ իւրայատուկ իրերու գնումներ կատարեցին:

Մեներգող Արամ Շահպազեանի կատարողութեամբ եւ Աբէլ Մելքոնեան ստեղնաշարային մեղեդիներով արբած հիւրերը՝ իրենց երեւակայութեամբ Իրաքի իրենց տան մէջ զգացին ու անցեալի յիշատակները փայփայեցին։

Րաֆֆի Էմրի Լուսեանի համադրումը հանդիսացող «Արձագանգներ Իրաքի հայ գաղութէն» տեսերիզի ցուցադրութեամբ՝ բոլոր ոչ իրաքահայ ներկաները փոխադրուեցան Իրաք եւ հայկական եկեղեցիներու, մշակութային օճախներու, ակումբներու եւ իրաքահայ գաղութի անդամներուն եւ անոնց պատգամներուն ծանօթացան, իսկ իրաքահայերը ակնածանքով վերյիշեցին իրենց ծննդավայրի տաքուկ շունչին տակ հասակ առած տարիները։

Գեղարուեստական ճոխ շարքը շարունակուեցաւ դուդուկահար Գառնիկ Սօսէյեանի եւ Աբէլ Մելքոնեանի երաժշտական անթերի կատարումով, ապա՝ Նովա Պահճաթի եւ Շիրակ Թաթոսեանի զուգերգով եւ Աբէլ Մելքոնեան ստեղնաշարի մեղեդիներով կեանքի կոչուած երգը գեղեցիկ համադրութիւն մը ընդգծեց։

Խրախճանքի գագաթնակէտին բեմ բարձրացաւ Լոս Անճելըսէն յատկապէս հրաւիրուած իրաքահայ երգիչ Արշամ Բաբերեանը եւ թորոնթոբնակ իրաքահայ Աբէլ Մելքոնեանը՝ կրկնակի ճոխացնելու երեկոյին մթնոլորտը: Ներկաներուն խանդավառութիւնը շարունակուեցաւ ամբողջ գիշեր։

***

Երկրորդ օրը, կիրակի, 10 նոյեմբերին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ իրաքահայ ննջեցեալներու եւ զոհերու յիշատակին։ Մատաղը հայթայթուած էր տէր եւ տիկ․Նազար եւ Նինա Չաթալեաններու կողմէ։ Մատաղի հիւրասիրութենէն ետք Հայ կեդրոնի հայաբոյր սրահէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսական ցերեկոյթը՝ նուիրուած իրաքահայ գաղութին։

Հիւրասիրութեամբ սկիզբ առած ցերեկոյթը՝ շարունակուեցաւ 30-ամեակին նուիրուած տպաւորիչ տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, ուր նշուած էին հայկական բնօրրաններու եւ գաղութներու հայակերտ արգասիքը հանդիսացող ձեռնարկները։

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավար Սեւան Աթանոսեան, որ շեշտեց, թէ այդ օրուան ցերեկոյթը առիթ մը պիտի ըլլայ ծանօթանալու իրաքահայ կենցաղի բազմակողմանի շերտերուն, վայրերուն եւ ականաւոր դէմքերուն։ «Տոհմիկ օր»-ուան փոխատենապետ Արմիկ Սաֆարեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ այս առիթով կազմուած յանձնախումբերու եւ ենթայանձնախումբերու անձնուրաց գործունէութեան եւ անսակարկ նուիրումով իրականացուցած կամաւոր աշխատանքին, որոնց շնորհիւ յաջողութեան պսակով թագադրուեցաւ 30-րդ «Տոհմիկ օր»-ուան խրախճանային երեկոն։

Երաժիշտ Նշան Փափազեանի երաժշտական կատարումով ու անոր ջութակէն արտաբերուած քաղցր մեղեդիներով՝ սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը։ Կոմիտասի մշակումը հանդիսացող եւ պաս-պարիթոն Վարդան Գաբրիէլեանի կուռ ձայնով հնչած «Հոյ նազան» երգի երաժշտական տեսերիզը ներկաներուն բարձր գնահատականին արժանացաւ։

Դասախօս՝ ճարտարագէտ Համբարձում Աղպաշեան ներկայացուց Իրաքի արդի եւ այժմեան պատմութիւնը։ Ներկաները իրազեկ դարձան Իրաքի հայ գաղութի մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն, ծանօթացան նշանաւոր հայ դէմքերու, որոնք ստեղծագործ սփիւռքահայեր եղած են օտարերկրեայ ափերուն եւ պատկառելի դեր ունեցած են Իրաքի բարգաւաճման մէջ։ Անոնք մտովի այցելեցին Իրաքի հայաշատ վայրերը՝ ըմբոշխնելով իրաքահայ կեանքի կենսաոճը, հայ համայնքին աշխոյժ եւ բազմակողմանի գործունէութիւնը, իրաքահայութեան ընկերաբանական, մշակութային եւ մտաւորական իւրայատկութիւնները։

«Տոհմիկ օր»-ուան ատենապետին՝ Հուրի Նաճարեանի ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ յարգարժան դասախօսին։

Տաղանդաւոր եռեակ երաժիշտներու՝ Գառնիկ Սօսէյեանի դուդուկի, Նիկոլ Գույումճեանի ուտի եւ Աբէլ Մելքոնեանի ստեղնաշարի երաժշտական կատարումը՝ առաւել քաղցրացուց սրահին մթնոլորտը։

Օրուան երկրորդ դասախօս դոկտ. Շանթ Քենտէրեան իր օրինակելի անձնական կեանքէն եւ փորձառութիւններէն քաղուածքներով ներկայացուց յաջողութեան գագաթնակէտին հասած իր մասնագիտական ճանապարհը։ Յիշարժան ու հետաքրքրական էին Իրաքի մէջ ապրած եւ ապա Միացեալ Նահանգներ հաստատուած դասախօսին կեանքի ուղին, դիմակայած մարտահրաւէրներն ու անոնցմէ յաղթական դուրս գալուն դրուագները։ Դոկտորը, խտացուած եւ սակայն ուշագրաւ ձեւով, իրարայաջորդ տեղեկութիւններով ներկայացուց Իրաքի հայ գաղութի պատմութեան հարուստ անցեալն ու ներկան։

Ընկերուհի Նաճարեան յուշանուէրով մը եւ շնորհակալական զգացումներով պարգեւատրեց դասախօսը։

Արա եւ Անիթա Եսայեաններու «Պատմական տարազներու ցուցադրութիւն» տեսերիզի համադրուած հատուածները հայուն ճաշակին, ասեղնագործութեան, հիւսուածքին, գոյներու

համադրութեան եւ ազգային ինքնութեան նմոյշները անգամ մը եւս հպարտութեան առիթ ընծայեցին ներկաներուն։

«Յուշեր եւ տպաւորութիւններ Իրաքէն» խորագրին տակ Մուշեղ Գարագաշեան հաճելի ու ուշագրաւ դրուագներ յիշեց անցեալէն եւ իրաքի հայկական դպրոցի առօրեայէն, ուր ինք որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած էր երկար տարիներ։

Իրաքահայ նշանաւոր երգիչ Արշամ Բաբերեանի իւրայատուկ կատարումով եւ հայկական երգերու խանդավառութեամբ կրկնակի ուրախութիւն եւ հպարտութիւն զգաց Հայ կեդրոնի սրահին մէջ համախմբուած երկու հարիւր յիսուն անձերէ բաղկացած հանդիսատեսը։

Ազգային երգերու շարանով հանդէս եկաւ Արամ Շահպազեան ու իր խրոխտ ձայնով եւ երաժիշտ՝ Աբել Մելքոնեանի ընկերակցութեամբ, վերջ գտաւ գեղարուեստական յայտագիրը։

Ձեռնարկի աւարտին՝ տ․ Տաթեւ աւ․ քհն. Միքայէլեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց «Ռուբինա» մասնաճիւղի անդամները՝ «Տոհմիկ օր»-ուան երկօրեայ յոբելինական շքեղ տօնակատարութեան առթիւ, ապա՝ գերագնահատեց աւանդոյթ դարձած եւ գանձարանի արժէք ներկայացնող գիրքի հրատարակութիւնը։ Տէր հայրը պահպանիչով օրհնեց ձեռնարկի կազմակերպիչները, յանձնախումբի անդամներն ու բոլոր ներկաները, որոնք երկու օրերու տեւողութեամբ անբացատրելի բերկրանքով ըմբոշխնած էին այս բացառիկ ձեռնարկը։ ֎

***

Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի դեկտ. 2024 թիւին մէջ:

    back