Loading Events

« All Events

  • This event has passed.

ARS Toronto Roubina Paregentan Celebration Virtual

February 25, 2022 @ 8:00 pm

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սիրելի Ընկերուհիներ,

Հայկական Օրացոյցը մեզ կը յիշեցնէ, այս տարի Բուն Բարեկենդանը Փետրուար ամսուան վերջին Կիրակին է։ Ըստ Աւանդական Սովորութեան, Բարեկենդանի Տօնախմբութիւնները կը կատարուին այդ թուականին նախորդող 14 օրերու ընթացքին։

Ձմռան ձիւնոտ ու ցուրտ օրերուն, նաեւ Համավառակի ինքնամէկուսացումի պատճառով, բոլորս անհամբեր ենք Գարնան։ Այս նկատումով եւ պատէհ առիթով, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու Անդամական Յանձնախումբը կը ծրագրեն քիչ մը ջերմութիւն եւ զուարճութիւն բերել բոլոր Ընկերուհիներուն, իրենց հանգիստ բնակարաններուն մէջ նստած, սակայն «միասնաբար» նշելու եւ տօնելու Բարեկենդանը։

Առ այդ, ինչպէս Փետրուար 8-ի Անդամական ժողովի օրակարգին եւ զեկոյցի պահուն յիշուեցաւ, նաեւ Փետրուար Ամսուայ Լրատուի, (ARS Toronto Roubina Chapter-February Newsletter), Upcoming բաժինին մէջ կարդացիք, ՀՕՄ-ի Ընկերուհիներուն համար Վարչութիւնն ու Անդամական Յանձնախումբը կը կազմակերպեն

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

«ԴԻՄԱԿԱՀԱՆԴԷՍ-ՀԱՒԱՔՈՅԹ»

Որ պիտի կատարուի ԱՌՑԱՆՑ ZOOM-ի դրութեամբ

 

Տեղի կ՚ունենայ, Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022 երեկոյեան ժամը 8։00-ին։

Քիչ մը Դաստիարակչական, մասնաւորաբար Գեղարուեստական յայտագրի ընդմէջէն պիտի ներկայացուին Աւանդական Սովորութիւններ ուր քիչ մը «ՄԱՆԿԱՆԱԼՈՎ» պիտի վայելենք Բարեկենդանի յատուկ ճոխ ու զուարճալի մթնոլորտ։

Պատրաստ ըլլալու համար Յանձնախումբը կը Յանձնարարէ հետեւեալը,

1)Քաջալերելի է մասնակցիլ «ԴԻՄԱԿՈՎ» կամ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՐԱԶՈՎ»։

2)Ձեր կողքին պատրաստ ունենալ «ԲԱԺԱԿ ՄԸ ԽՄԻՉՔ» (Գինի, Պտուղի Հիւթ, Տաք Թէյ կամ որեւէ Հայկական «Նռան Գոյն»ով կամ այլ, ոգելից կամ պարզ), վերջաւորութեան «Կենաց»-ով Բարեկենդան շնորհաւորելու եւ  Բարեմաղթանքներ փոխանակելու համար։

«ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ, ԲԱՐՈՎ ՀԱՍՆԻՆՔ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ»

Zoom Invite

 

 

 

Details

Date:
February 25, 2022
Time:
8:00 pm
Event Category: